2015-10-21 09:47:00

Կարդինալ Թակլէ` ''Բարի Սամարացիի աչքերով նայիլ ընտանիքներուն''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ականատես եղայ մարդոց տառապանքին, խեղճութիւններուն...մարդիկ այլեւս ոչ մի բան ունին եթէ ոչ ընտանիքը, երախաները....ուր հակառակ թշուառութեան ու տառապանքին կայ նաեւ սէր։ Տեսայ մանուկները որոնք յոգնած ու վհատած իրենց մխիթարութիւնը կը գտնէին իրենց մօր կամ հօր բազուկներուն մէջ'', այսպէս արտայայտուեցաւ Մանիլայի Արքեպիսկոպոս, Միջազգային Քարիթասի նախագահ եւ Եպիսկոպոսական 14-րդ Սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերու համանախագահ` կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով վերջերս կատարած հովուական այցելութեան Յունաստանի եւ Մակեդոնիայի գաղթավայրերուն։

Մատնանշելով ապա Ընտանիքի սիւնհոդոսին Կարդինալ Թակլէ խօսեցաւ ''վիրաւորեալ'' ընտանիքներու մասին, ապահարզան կամ բաժնուած զոյգեր` որոնց հարցը ու անոր հովուական խնամակալութիւնը կը տարբերի վայրէ վայր եւ որ կախում ունի տեղական ընկեարային, մշակութային եւ տնտեսական իրավիճակէն։ ''Ասոնց հարկաւոր է ցուցաբերել ոչ միայն ֆիզիկական մօտիկութիւն այլեւ յատուկ ուշադրութիւն` հաւատքի եւ Բարի Սամարացիի աչքերով։ Յիսուսի Բարի Հովիւի աչքերով։ Բաժնեկցելով մեր տառապող եղբայրներուն եւ քորերուն ցաւերը ու անոնց երազանքները, անոնց փոխանցելով Աստուծոյ ներկայութիւնը որ սէր է բոլորին հանդէպ, նոյնիսկ անոնց հանդէպ որոնք անարժան են'' ըսաւ Կարդինալ Թակլէ ապա անդրադարձաւ Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն հաստատելով թէ ''ողորմութիւնը, արդարութիւնը եւ գթութիւնը Աստուծոյ մօտ զօդուած են իրարու։  Ինծի համար­, ըսաւ ծիրանաւորը­, որպէս Հովիւ որպէս հաւատացեալ եւ ողորմութեան մարդ` աղօթել ''Ողորմեա ինձ Աստուած'' կը նշանակէ նաեւ ''Տէր արդարութիւն պարգեւէ ինծի''. Իսկական արդարութիւնը կը գտնուի միայն ողորմած Աստուծոյ մօտ''։

Մանիլայի Արքեպիսկոպոսը ապա անդրադարձաւ սիւնհոդոսի աշխատանքային մթնոլորտին հաստատելով թէ այս վեցերորդ սիւնհոդոսն է որուն կը մասնակցի եւ թէ բնական է որ ամէն մէկ սիւնհոդոսի ընթացքին տեղի ունենան տարբեր ներդրումներ ի տես մասնակցողներու մշակութային, աւանդութիւններուն եւ լեզուներու բազմազանութեան։ Սակայն, յարեց Կարդինալը­, կարեւորը տարբերութիւնները եւ զանազանութիւնները չեն այլ անոնց դրական կամ ժխտական օգտագործումը։ Ժխտական են երբ կը յառաջացնեն բաժանումներ եւ դրական` երբ անոնք կը դառնան հարստութիւն նոր հորիզոններ բանալով մեր առջեւ, աւելի լաւ հասկնալու համար վարդապետութիւնը, աւանդութիւնն ու Յիսուս խօսքերը մարդկային էութեան շրջապատին մէջ։

Կարդինալ Թակլէ անդրադարձաւ  ապա իր թեմին` Մանիլայի ընտանիքներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն մանաւանդ աղքատութեան եւ աշխատանքի պակասի բերումով, ու հաստատեց թէ աղքատ ընտանիքները մեզի կը սորվեցնեն ինչպէս ապրիլ յոյսի մէջ։ Անոնք կարողութիւնը ունին ամէն բանին մէջ շնորհքը տեսնելու եւ փորձարկելու Աստուծոյ ներկայութիւնը մինչ մենք միայն հարցեր ու հարցեր կը տեսնենք։ Մեզի կը պակսի երջանկութիւնը մինչ աղքատները յաճախ կը դառնան ընտանիքի ուրախութեան իսկական առաքեալները։








All the contents on this site are copyrighted ©.